7 January, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ

5 Յունուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի ներկայացուցիչ Իվան Սանդուս Եպիսկոպոսը եւ Ֆրանսիս Պապին կողմէ փոխանցեց շնորհաւորական նամակ մը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով։ Նամակին մէջ Պապը իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ հայ ժողոուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ կը մաղթէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի աշխարի մէջ, յատկապէս հոն՝ ուր տագնապն ու բռնակալութիւնը դարձած են տիրապետող ներկայութիւն։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերու մասին։

More News